2016-07-30 09:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''տառապանքը միայն Աուշվիցի մէջ չէ` կը շարունակուի նաեւ այսօր''։


Քահանայապետը դարձեալ ողջունեց Արքեպիսկոպոսարանի հրապարակին վրայ համախմբուած երիտասարդները։ 

(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 29 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան, Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուայ աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը Արքեպիսկոպոսարանի պատուհանէն ողջունեց Արքեպիսկոպոսարանի տարածքին համախմբուած բազմաթիւ երիտասարդները։ 
''Dobry wieczór! Բարի Երեկոյ'', ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով այդ օրուայ յայտագրին եւ օրը որակելով որպէս տառապանքի օր։ Ուրբաթ օրը` օրն է որ կը յիշեցնէ Յիսուսի մահուան օրը եւ երիտասարդներուն հետ օրը աւարտեցինք Խաչի Ճանապարհով` Յիսուսի տառապանքն ու մահը մեզի համար։ Ամէնքս միացած ենք տառապող Յիսուսին` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ այդ տառապանքը 2000 տարիներ առաջ չէ պատահած, այլ կը շարունակուի նաեւ այսօր եւ բազմաթիւ անձինք ցաւի մէջ կ՛ապրին. հիւանդներ, պատերազմի մէջ գտնուողներ, տնանկներ¬ անօթիներ, անոնք որոնք յուսահատած են կեանքէն ու անոքն որոնք կը զգան մեղքին ծանրութիւնը։ 
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց յետմիջօրէին Քրաքովի մանկաբուժարան կատարած այցելութեան։ ''Այնտեղ եւս Յիսուս կը տառապի հիւանդ մանուկներուն մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հարց տալով թէ ինչու մանուկները կը տառապին ու պատասխանեց. ''այս հարցումին պատասխաններ չկան, խորհուրդ մըն է''։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ակնարկեց Աուշվիցի համակեդրոնացման վայր կատարած այցելութեան, հարցադրելով թէ ի՞նչպէս կարելի է որ մարդիկ, ստեղծուած Աստուծոյ նմանութեամբ, կարող ըլլան այնպիսի վայրագութիւններ իրագործել''։ 
Ես ձեզ չեմ ուզէր վշտացնել, սակայն ճշմարտութիւնը պէտք է ըսեմ, այդ դաժանութիւնը չէ սահմանուած միայն Աուշվիցին...այսօր եւս մարդիկ կը խոշտանգուին, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ նոյնը կը պատահի, ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց երիտասարդները աղօթելու բոլորին համար, բոլոր անոնց որոնք անօթի են, ծարաւի են¬ հիւանդ կամ առանձին։ ''Աղօթենք անմեղ հիւանդ մանուկներուն համար որոնք Խաչը կը կրեն ու աղօթենք այդ բազմաթիւ մարդոց եւ կիներուն համար որոնք խոշտանգի ենթարկուած են,  ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ ''ամէնքս մեղաւորներ ենք, սակայն Յիսուս մեզ կը սիրէ'' ու վերանորոգելով հրաւէրը աղօթելու բոլոր տառապող մարդոց համար դիտել տուաւ թէ երբ արցունքներ կան` մանուկը իր մայրը կը փնտռէ։ ''Մենք մեղաւորներս եւս մանուկներ ենք, կը փնտռենք մեր մայրը, աղօթենք Աստուածամօր` ամէն մին իր լեզուով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքի աւարտին  ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու բարի գիշեր մաղթեց անոնց խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.